Մեթր

Jump to navigation Jump to search

Մեթր, երկարութիւն չափելու միաւոր, Միջազգային Համակարգի հիմնական միաւորներուն մաս կը կազմէ, m նշանով (Կաղապար:Lang-fr):

Չափերու եւ Կշիռներու Միջազգային Կոմիտէ - BIPM

Մեթրը սահմանուած է պարապութեան մէջ լոյսի արագութեան թուային արժէքին վրայ, c նշուած (լատիներէն celeritas), երբ արտայայտուած է m s-1 ով: Այսպիսով, լոյսի արագութիւնը հաւասար է c = 299 792 458 m s–1: Հետեւաբար, Մեթրը երկարութեան չափաւոր է, որ կը համապատասխանէ պարապութեան մէջ լոյսի կատարած տարածքին 1/299 792 458-րդ երկվայրկեանուան ընթացքին:

Պատմութիւն

Երկարութեան չափի բնօրինակ, ըստ միջազգային համակարգին

  • Փլաթինում- ԻրիտիումՋրաչափերու միջազգային չափանիշ, որ կ'օգտագործուի 1889-էն 1960 թուականներուն:
    1889-ին Մեթր եւ Քիլոկրամ միջազգային նախատիպերը պատրաստուած են Լսնոսկիէ (Փլաթին, Pt նշանով քիմիական տարր, լատ. Platinum), համաձուլուած 10% (շուրջ 0,0001) Իրիտիում-ով (Ir նշանով քիմիական տարր, լատ.՝ Iridium)[1]
  • 1954-ին Մեթրը ընդունուած է իբրեւ հիմնական միաւոր:
  • 1960-ին Մեթրը սահմանուած է Քրիփթոն 86-ի ճառագայթման հիման վրայ (Kr նշանով քիմիական տարր, լատ.՝ Kryptonum, յուն․՝ κρυπτός)
  • 1983-ին Մեթրը սահմանուած է ըստ լոյսի արագութեան, նկատի ունենալով գիտութեան  եւ չափման միջոցներու յառաջընթացը, եւ լոյսի արագութեան արժէքը c = 299,792,458 m s-1 իբրեւ անփոփոխ հաստատուն (մասնաւորապէս աստղագիտութեան եւ երկրաբաշխութեան պէտքերուն համար):

Մեթրը իբրեւ երկարութեան չափաւոր, կը համապատասխանէ պարապութեան մէջ լոյսի կատարած տարածքին 1/299 792 458-րդ երկվայրկեանուան ընթացքին: Իսկ s (երկվայրկեանի միաւորը) ΔνCs վրայ սահմանուած ըլլալով, Մեթրը կախեալ կ'ըլլայ c եւ ΔνCs հիմնական հաստատուններէն:

c=299792458ms1

1m=c299792458×s

1m=9192631770299792458×cΔνCs

  • Միաւորներու Միջազգային Համակարգի (ՄՀ) վերանայում իրականացուած է 20 Մայիս 2019-ին:

Այժմ, Մեթրի սահմանումը կապուած է լոյսի արագութեան ճշգրիտ արժէքին հետ, որ հիմնարար հաստատուն է:

Ֆրանսայի մէջ, Միջազգային Համակարգէն առաջ

Ֆրանսայի մէջ, 26 Մարտ 1791-ին, փիլիսոփայ, լուսաւորիչ եւ թուաբանագէտ Նիքոլա տը Քոնտոգրեթ (Nicolas de Condorcet) եւ Գիտութիւններու Կաճառի (Կաղապար:Lang-fr) առաջարկութեամբ՝ երկիրի միջօրէականի քառորդ մասը կ'ընտրուի իբրեւ համընդհանուր եւ բնական երեւոյթ, քանի որ այս չափը «որեւէ կամայական կամ որեւէ ժողովուրդի իրավիճակի առանձնայատուկ բան չի պարունակեր»: Մեթրի ծնունդը, որուն երկարութիւնը կը սահմանուէր իբրեւ «հաւասար երկիրին միջօրէականի քառորդ մասին տասը միլիոներորդական մասով», պաշտօնական կը դառնայ 1 Օգոստոս 1793-ի հրամանագիրով, որ կը «սահմանէ Հանրապետութեան համար միատեսակութիւնը կշիռներու եւ չափերու վերաբերեալ»[2]:

Ծանօթագրութիւններ