Սիլաշիի բազմանիստ

Jump to navigation Jump to search
Սիլաշիի բազմանիստ
Ծաւալային պատկեր
Փռուածք

Սիլաշիի բազմանիստ (Կաղապար:Լեզու hu)՝ ոչ ուռուցիկ, թորին տեղայնաբանօրէն համարժէք բազմանիստ է: 1977-ին անիկա յայտնագործած հունգարացի թուաբանագէտ Լայեոշ Սիլաշիի Կաղապար:Resize անունով է:

Նկարագրութիւն

Սիլաշիի բազմանիստը եօթը նիստերէն կազմուած է, որոնցմէ իւրաքանչիւրը միւս բոլորին հետ ունի ընդհանուր կող մը: Նոյն յատկութիւն ունեցող միակ այլ բազմանիստը քառանիստն է: Որպէս հետեւանք, ճիշդ գունաւորելու համար (անանկ, որ հարեւան նիստերն ըլլան տարբեր գոյներով) եօթը գոյն անհրաժեշտ է:
Ունի 14 գագաթ եւ 21 կող:[1] Նիստերու երեք զոյգերը նոյնական են, եօթներորդ նիստն ունի բազմանիստի նոյն պտտման առանցքը:

Նիստերու Ամբողջական Հարեւանութիւն

Որեւէ երկու նիստի հարեւանութեամբ օժտուած f-նիստանի (face) բազմանիստի անցքերու h (hole) քանակը կրնայ ստացուիլ Էյլերի բնութագրիչի բանաձեւէն՝
h=(f4)(f3)12:
Այս հաւասարումը բաւարար է քառանիստի համար, ուր h=0 եւ f=4, ինչպէս նաեւ Սիլաշիի բազմանիստի համար, ուր h=1 եւ f=7:

Յաջորդ հնարաւոր լուծումն է՝ h=6 եւ f=12, որ կը համապատասխանէ 44 գագաթ եւ 66 կող ունեցող բազմանիստի մը, սակայն տակաւին յայտնի չէ՝ ատանկ տուեալներով երկրաչափական մարմին գոյութիւն ունի՞, թէ՞ ոչ։ Ընդհանրապէս՝ սա հաւասարումը կրնայ բաւարարել միմիայն, երբ f-ը 12-ի բաժնելով կը ստացուի 0, 3, 4, կամ 7 մնացորդ[2]։

Արտաքին Յղումներ

Ծանօթագրութիւններ

Կաղապար:Ծնթ․ցանկ